2016-12-23 11:08:00

Յիսնակացի խորհրդածութիւնները Վատիկանի մէջ` չորրորդ ու վերջին հանդիպում։


 (Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 23 դեկտեմբեր 2016-ին, Առաքելական Պալատի  Ռետեմթորիս Մաթեր անուամբ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առ ի պատրաստութիւն` Յիսնակացի շրջանի չորրորդ եւ վերջին խորհրդածութեան նիստը զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Քափուչին միաբանութեան անդամ, Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան։

2016 տարուայ Յիսնակացի քարոզներու ընդհանուր նիւթ հանդիսացաւ ''Ըմպենք` Սուրբ Հոգւոյն զգաստ արբեցումը'' իսկ այսօրուան խորհրդածութեան նիւթն էր ''Մարդացաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ''։

Հայր Քանթալամեսսան խորհրդածութեան մէջ ակնարկեց Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին յատկապէս շեշտը դնելով  Սուրբ Կոյս Մարիամին ''Մայրութեան'' վրայ որպէս Աստուածամայր ու Մայր մարդկութեան։ Քահանայապետական տան քարոզիչը խորհրդածութեան աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Սուրբ կոյս Մարիամին նուիրուած աղօթք մը ապա բոլորին մաղթեց Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ

Յայտնենք, թէ վերոյիշեալ խորհրդածական նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ ապա ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսային։








All the contents on this site are copyrighted ©.